2016-02-01 10:10:00

Կարդինալ Նիքոլսի գնահատումով` դաստիարակութեամբ կարելի է յաղթահարել ծայրայեղութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անգլիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` կարդինալ  Վէնսէն Նիքոլս, խօսք առնելով կաթողիկէ դպրոցներու պատասխանատուներու ու դաստիարակիչներուն առջեւ ըսաւ. ''ներկայ սերունդը ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու օգնութեամբ հետզհետէ կը կորսնցնէ հասարակաց արժէքները, հրապուրուած իսլամական ահաբեկչութենէն։ Ներկայիս Անգլիոյ մէջ շուրջ 700 երիտասարդ անգլիացիներ յարած են, այսպէս կոչուած իսլամ պետութեան եւ կը գտնուին Սուրիոյ կամ Իրաքի մէջ։ Անոնց շարքին բազմաթիւ են անչափահասները''։

''Համացանցը առանձնաշնորհեալ միջոց մըն է ՏԱՀԵՇ-ի զինակոչին. Իսլամ պետութիւնը լաւագոյնս կը շահագործէ ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցները իրեն հրապուրելու 14-15 տարեկան պատանիներ որոնց դաստիարակութիւնը ձեզի յանձնուած է'' ըսաւ Կարդինալ Նիքոլս դիտել տալով թէ ''համացանցը դարձած է գլխաւոր միջոցը մէկը միւսին հետ հաղորդակցելու, ընկերակցելու եւ իրարու գաղափարներ փոխանցելու, ապրելու եւ զուարճանալու''։ Անչափահասներու մեծ մասը, ըսաւ ապա Ծիրանաւորը - հաստատուն կազմաւորում չունին եւ համացանցի միջոցաւ կը փնտռեն ինքնութիւն մը եւ դեր մը ընկերութեան մէջ։ Նման անչափահասներու համար ահաբեկչական խումբերը կը դառնան հրապուրիչ, աշխարհի մը մէջ ուր կազմաւորումը կիսատ է եւ ոչ գոհացուցիչ։ ''Մասնագէտներու գնահատումով ամիս մը բաւարար է դժգոհ եւ ուղեկորոյս անչափահաս մը ահաբեկիչ դարձնելու համար'' ըսած է միշտ Կարդինալը որուն գնահատումով դաստիարակիչները եւ մասնաւորապէս կաթողիկէ կրթիչներու մեծ պատասխանատուութիւն մը ունին եւ անոնց կ՛իյնայ պարզել կեանքի քրիստոնէական տեսութիւնը։ Դաստիարակիչէն կը պահանջուի պատրաստել նոր սերունդը, տեղ մը, դեր մը ունենալու համար աշխարհի մէջ, իրենց յարաբերութիւններուն մէջ, ու լաւագոյն ապագայի մը համար։ Հարկ է որ անոնք հիմնաւորուին Յիսուսի վրայ

''Միմիայն երբ դուք  յաջողիք ձեր այդ առաքելութեան մէջ, անչափահասները պիտի կարենան չի հրապուրուիլ նուաստացուցիչ ու տմարդի գաղափարախօսութիւններէն որ կը սպառնայ այսօրուայ մեր աշխարհին'' ըսած է Անգլիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` կարդինալ  Վէնսէն Նիքոլս։








All the contents on this site are copyrighted ©.